2014-05-31 10:23:11

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կոչը Սուրիոյ ի նպաստ` ''Թող Դադրին Զէնքերը''


Քահանայապետական ''Քոր Ունում – Մէկ Սիրտ'' խորհուրդի նախաձեռնութեամբ ՝ վատիկանի մէջ տեղի ունեցող Սուրիոյ բարեգործական օժանդակութեան վերաբերեալ ժողովի աւարտին Ֆրանչիկսոս Պապը ժողովականներուն պատգամ մը յղեց որուն սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց Քահանայապետական խորհուրդին եւ Կաթողիկէ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն՝ Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի ի նպաստ բարեգործական աշխատանքներուն ինչպէս նաեւ անոնց սատարած օժանդակութիններուն պատերազմի զոհ բնակչութիւն։
Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Սուրիոյ ներկայ իրավիճակին, ուր պատերազմը կը գոյատեւէ, յայտնեց իր մտահոգութիւնը՝ սովորականի չվերածելու՝ աղէտալի իրադարձութիւնները եւ չմատնուելու անտարբերութեան, Ան ապա անոնց մարդասիրական գործունէութիւնները նկատեց՝ հաւատարիմ Աստուծոյ սիրոյ, հանդէպ իր զաւակներուն, որոնք դժուարութեան մէջ կ՛ապրին։
Աստուած կը լսէ անոնց աղերսը - ըսաւ նորին Սրբութիւնը - եւ կը ճանչնայ անոնց ապրած տառապանքը եւ դուք՝ Աստուծոյ է, որ կ՛երկարէք ձեր ձեռքերը եւ ձեր կարողութիւնները։
Ֆրանչիսկոս Պապը, ապա կոչ ուղղեց հակամարտութիւններու պատասխանատու անդամներուն ինչպէս նաեւ միջազգային հաստատութիւններուն ըսելով` ՝՝բոլորս գիտակից ենք, թէ մարդկութեան ապագան, կը կառուցուի խաղաղութեամբ եւ ոչ թէ՝ պատերազմներով. պատերազամը կը կործանէ եւ կ՝աղքատացնէ երկիրներն ու անոնց բնակիչները։
Բոլոր կողմերը կը հրաւիրեմ, հասարակաց բարիքին համար, անմիջապէս թոյլ տրուի մարդկային բարեսիրական օգնութիւններու մուտքին, ու վայրկեան մը առաջ դադրին ռմբակոծումները, ու դիմում կատարուի երկխօսութեան, առաջնահերթ տեղ զետեղելով՝ Սուրիոյ բարիքը ե անոր բոլոր բնակիչները, ինչպէս նաեւ բոլոր գաղթակնները որ այլլուր կը գտնուին եւ իրաւունքն ունին վերադառնալու իրենց տուները։
Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամին աւարտին, անդրադառնալով Միջին Արեւելքի մէջ ապրող Քրիստոնեայ հասարակութիւններուն եւ խոր մտահոգութիւն յայտնելով անոնց նկատմամաբ ըսաւ. ''Քրիստոնեաները պէտք են գոյատեւել այնտեղ ուր սկիզբ առած է անոնց ծագումը''։









All the contents on this site are copyrighted ©.